2014-07-02 10:08:03

Հռոմի մէջ աղօթքի հսկում` Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան ի նպաստ։


Հռոմի թեմը կը շարունակէ աղօթել Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան ի նպաստ։
Չորեքշաբթի, 19 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու միջեւ միսիոնարական համագործակցութեան կեդրոնին եւ Հռոմի թեմի գաղթականներու հովուութեան գրասենեակին, ինչպէս նաեւ '' Միջին Արեւելքի լուսամուտ'' կոչուած ընկերակցութեան համագործակցութեամբ, Հռոմի` 12 առաքեալներու անուան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՝ունենայ աղօթքի հսկում Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ, նախագահութեամբ Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանին։
Աղօթքի հսկումի իր մասնակցութիւնը կը բերէ, միսiոնարական եկեղեցիներուն համագործակցութեան յանձնառու` գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի, ինչպէս նաեւ
Հռոմի մէջ` Միջին Արեւելքի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ։
Աղօթքի երեկոյթին երգեցողութիւնը կը կատարեն Հռոմի Սան Ֆապիանօ եւ Վէնանցիօ ժողովրդապետութեան երգչախումբը, Մէլքիթներու հասարակութիւնը ինչպէս նաեւ Սուրբ Մարուն եկեղեցւող հասարակութիւնը։
Յաւարտ արարողութեան, հսկումի երեկոն պիտի շարունակուի մինչեւ ուշ գիշեր Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով ։







All the contents on this site are copyrighted ©.